2016-05-07 09:14:00

Սիմֆոնիկ համերգ` ազատագրուած Փալմիրի մէջ։


Մարիինսքի թատրոնի (ռուս.` Мариинский театр) գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր տնօրէն Վալերի Կերկիեւ եւ անոր ղեկավարած սիմֆոնիկ նուագախումբը ելոյթ ունեցած են ազատագրուած Փալմիրի մէջ, ուր մեծ թիւով մարդիկ հաւաքուած են: Տեսակապով ելոյթ ունեցած է նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ յայտարարած, որ համերգը կարելի է դիտարկել որպէս ազատագրուած հնագոյն քաղաքի յոյսի խորհրանիշ եւ ժամանակակից քաղաքակրթութեան ազատագրում միջազգային ահաբեկչութենէն, կը հաղորդէ panorama.am –ը՝ վկայակոչելով «Russia Todayե-ը:

Համերգին ելոյթ ունեցած է Չայքովսկիի մրցոյթի դափնեկիր Պաւել Միլիւքով, որ կատարած է յայտնի Սեփասթիան Պախի յայտնի Չակոնան, թաւջութակահար Սերկէյ Ռոլտուգինը, հնչած է Փրոքոֆեւի սիմֆոնիան:

Փալմիրի մէջ տեղի ունեցած մշակութային ձեռնարկը նուիրուած եղած է Փալմիրի պահապան Խալէտ Ասատի եւ միւս զոհերու յիշատակին, որոնք զոհուած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ընթացքին:

Մարտ 27-ին սուրիական բանակը ռուսական ռազմական ուժերու հետ միասին ազատագրած էին Փալմիրը Իսլամական պետութեան ձեռքէն: Փալմիրը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային վեց ժառանգութիւններէն մէկն է եւ  2015-ի Մայիսէն ի վեր կը գտնուէր ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ:

Քաղուած <<Եռագոյնէն>>








All the contents on this site are copyrighted ©.